2014-10-29 11:52:26

ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի միջամտութիւնը գաղթականներու ի նպաստ` ''դիտել գաղթականին մարդկային դիմագիծը''։


(Ռ.Վ. 29 հոկտեմբեր 2014) Գերապայծառ Աուզա` ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, խօսք առնելով Նիւ Եորքի 69-րդ նիստին, ''համաշխարհայնացումը եւ միջառկախումը'' նիւթին մասին, ըսաւ ''երբ համաշխարհայնացումը կը միացնէ անհատները որպէս իրարու հաւասարակիցներ, այս մէկին արդիւնքը կը դառնայ բարեբեր բոլորին համար մինչ ընդհակառակը երբ անհաւասարութիւնը տիրէ, յառաջ կու գայ լուսանքայունութիւն, շահագործում եւ անարդարութիւն։
Վատիկանի դիւանագէտը իր միջամտութեան մէջ շեշտը դրաւ գաղթականութեան երեւոյթին եւ այս առընչութեամբ մշակոյթի դերին վրայ։
Գաղթականութեան մարտահրաւէրը, ըսաւ գերապայծառ Աուզա, բոլորին հայող հարց մըն է, ոչ միային երեւոյթի էութեան, այլ անոր յարակից ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային բնոյթով։ Ան մասնաւորապէս շօշափեց մարդավաճառութեան հարցը եւ արդի ստրկութեան բազմաձեւերը։ Ներկայիս աւելի քան 27 միլիոն անձեր զոհ են մարմնավաճառութեան ու ստրկութեան։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ստրկութեան արդի ձեւերը որակեց մարդկութեան դէմ ոճիր մը եւ բաց վէրք մը ժամանակակից ընկերութեան մարմնին մէջ։
Գերապայծառ Աուզա ճանչնալով հանդերձ գաղթականութեան երեւոյթին բարդութիւնը, իրաւական գետնի վրայ, հարկաւոր նկատեց ''միշտ դիտել գաղթականին մարդկային դիմագիծը, որպէս մարդկային էակ, տէր միեւնոյն իրաւունքի ու արժանաւորութեան''։
Զօրակցութեան ու համագործակցութեան համաշխարհայնացումով կարելի պիտի ըլլայ ընդառաջել գաղթականութեան համաշխարհայնացումին , աշխատելով խաղաղութիւնը հաստատել զինեալ ընդհարումի մէջ գտնուող աշխարհամասերու եւ աշխատելով հաստատել համաշխարհային տնտեսական արդար կարգ մը։ Եթէ համաշխարհայնացումը երկրագունդը վերածեց գիւղի մը, հետեւաբար կարող ենք դառնալ բարի դրացիներ։
Գերապայծառ Աուզան հուսկ ընդգծեց որ համաշխարհայնացումի եւ միջառկախումի ճշմարիտ շարժակը մշակոյթն է եւ անոր շնորհիւ կարելի է խորացնել մեր ճանաչումը ժողովուրդներուն եւ հետեւաբար փոխադարձ ճանաչումը, ապրելով հասարակաց մարդկայնութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.